Լոս Անճելըս Քաղաքը Կը Զօրակցի Արցախին Եւ Կապերը Կը Խզէ Շուշիի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի առաջադրած եւ Միչ Օ՛Ֆերըլի աջակցութիւնը վայելող բանաձեւ մը, որ կը վերահաստատէ Լոս Անճելըս քաղաքին աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, թէ Լոս Անճելըս քաղաքը միշտ զօրակցած է Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայ ժողովուրդին, որ հերոսաբար հռչակեց իր անկախութիւնը Խորհրդային Միութենէն եւ Խորհրդային Ազրպէյճանէն, ընտրելով ինքնորոշման ժողովրդավարական ճամբան:

«Արցախի ժողովուրդին պատմական պայքարը, ներառեալ՝ 1991-94ի յաղթանակով պսակուած անկախութեան համար պատերազմը, նման է ժողովրդավարական պետութիւն կերտած բոլոր ժողովուրդներու պայքարին»,- կը նշուի բանաձեւին մէջ:

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ 2013ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ պաշտօնապէս եւ միաձայնութեամբ ընդունուած փաստաթուղթին, որմով Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցուեցաւ՝ իբրեւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքին Դեկտեմբեր 2020-ի փաստաթուղթը, որուն մէջ կը նշուի որ «քաղաքապետական խորհուրդը կը վերահաստատէ իր նուիրուածութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան պայքարին աջակցելու առաքելութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին, կոչ ընելով նաեւ Ամերիկայի դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ հետեւին իր օրինակին»:

Բանաձեւը կը դատապարտէ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին սկսած Ազրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումը եւ անոր մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։

«Ազրպէյճանական զինուած ուժերը եւ անոնց վարձած ահաբեկիչները սարսափելի ոճրագործութիւններ իրականացուցին, ներառեալ՝ սպանութիւն, անդամահատում, չարչարանքեր խաղաղ բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ, պղծելով սրբավայրեր եւ պատմամշակութային կոթողներ, ինչպէս նաեւ վնաս հասցնելով քաղաքացիական ենթակառոյցներուն», կը նշուի բանաձեւին մէջ, որ նաեւ կը դատապարտէ այն իրողութիւնը, որ 9 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք իսկ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն վայրագութիւնները եւ բռնարարքները։

«Յարգելով յարձակման զոհ գացած հազարաւոր նահանտակներուն եւ խոնարհելով անոնց յիշատակին առջեւ, 9 Նոյեմբերը կը հռչակուի Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի բռնարարքներուն զոհ գացած հազարաւոր հայերու յիշատակի օր»,- կը նշուի բանաձեւին մէջ։

Քաղաքը այլ բանաձեւով մը նաեւ որոշեց Շուշիի հետ ժամանակաւորապէս կապերը խզել, մինչեւ այն ատեն, որ անիկա ապօրինաբար կը գտնուի Ազրպէյճանի բռնագրաւման տակ: «Այս կապը պիտի վերահաստատուի, երբ Շուշին ազատի ազրպէյճանական բռնագրաւումէն եւանիկա վերադառնայ ժողովրդավարական Արցախի Հանրապետութեան կազմին», գրուած է բանաձեւին մէջ:

Ինչպէս յայտնի է, 24 Ապրիլի 2012-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւնը Շուշին հռչակեց էր «Բարեկամ քաղաք»: