«Եթէ Չունենանք Յարատեւ Կռուի Վճռականութիւն՝ Մենք Կը Ձախողինք Այս Գոյամարտին Մէջ». Արշակ Մեսրոպեան (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 15-ին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ «Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւնների զարգացման դասընթացներ» ծրագիրը, որ նախաձեռնուած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ:

Ծրագիրը 18-35 տարեկան երիտասարդներու համար է: Դասընթացները կ՚ընդգրկեն «Նորարարական գիւղատնտեսութիւն», «Հիւրընկալութիւն», «Բիզնես կառավարում», «Սնունդ և ըմպելիքներ», «Թուայնացում», «Գործարարական լեզուի օգտագործում», «Կանաչ էներգետիկայի ծառայութիւններ», «Հրապարակախօսութիւն», «Բջջային յաւելուածների մշակում» թեմաները:

Այս մասին «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

Horizon Weekly Newspaper