«Պեռլինալը»-ն Պաշտպանեց Արցախի Մասին Ֆիլմին Ցուցադրութիւնը՝ Հակառակ Պաքուի Բողոքներուն
Պեռլինի Շարժապատկերի միջազգային փառատօնը՝ «Պեռլինալը»-ն, պաշտպանեց Արցախի հակամարտութեան վերաբերող ֆիլմին ցուցադրութիւնը, «հակաազրպէյճանական քարոզչութեան» մեղադրանքներու ենթախորքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը։
«Black Bach Artsakh» («Սեւ Այգի՝ Արցախ» բայց, բաղի (այգի) եւ անուանի երգահան Պախի անունին հնչիւնային նմանութեան բառախաղով) ֆիլմը, որ բեմադրուած է պաղեստինցի Այրին Անասթասի եւ պարսիկ Ռենէ Կապրիի կողմէ, կ՛անդրադառնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տասնամեակներու հակամարտութեան: Պախի եղանակներու կշռոյթով ընթացող 13 արարներու բաժնուած ֆիլմը կը միահիւսէ նկարահանումներ, որոնք կ՛արտացոլեն պատերազմի, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան բնոյթը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնեն 2007-ին տարածաշրջանի հայ բնակիչներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներ։
Ազրպէյճանցիներ եւ թուրքեր բողոքած էին, որ ֆիլմը «քարոզչական» է եւ որ դէպքերը «միակողմանի կը ներկայացնէ» ու պահանջած էին զայն յայտագիրէն դուրս հանել: Յատկապէս քննադատութեան առարկայ հատուածը կը վերաբերի 1990-ականներուն Արցախի հակամարտութեան՝ իբրեւ «ազատագրութեան եւ ինքնորոշման պայքար» ներկայացնելը. իսկ 2020-ի վերջաւորութեան պատերազմը կ՛անուանուի՝ «Ազրպէյճանի բռնապետին ներխուժումը»:
Փառատօնը մերժեց ֆիլմը ծրագիրէն ջնջելու կոչերը՝ փոխարէնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութեան վաղորդայնին:
Այդ յայտարարութեան մէջ, փառատօնին կազմակերպիչները, ի միջի այլոց, կ՛ըսեն. «Մենք կը հասկնանք, որ ֆիլմը կը շօշափէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հակամարտութեան բարդ խնդիրներ եւ ցաւալի յիշողութիւններ», սակայն շարժապատկերին բեմադիրիչներուն ձայնը լռեցնելը յառաջանալու միջոց չէ»:
