ՀՀ Նախագահը Ստացած է Արտակ Դաւթեանը ԶՈւ ԳՇ Պետ Նշանակելու Միջնորդութիւնը. Որոշում Կը Կայացնէ Եռօրեայ Ժամկէտի Ընթացքին

Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ստացած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին վրայ Արտակ Դաւթեանը նշանակելու վերաբերեալ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը: Ըստ «Երկիր»-ի՝ ՀՀ նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեանի տեղեկութիւններով՝ Նախագահը երեք օր ժամկէտ ունի որոշում կայացնելու համար։

Մարտ 10-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը միջնորդութիւն ներկայացուցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանին Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու համար: Արտակ Դաւթեանը ԶՈՒ ԳՇ պետի պաշտօնը զբաղցուցած է նաեւ 2018 Մայիս 24-էն մինչեւ 2020 Յունիս 8:

Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնավարումը իբրեւ ԳՇ պետ դադրած է Մարտ 10-ին: