Բանակի Դիրքորոշումը Բարենպաստ է Փաշինեանը Հանելու Համար. Մանուկեան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Նիկոլ Փաշինեանին կը թուէր, որ եթէ հանէ Օննիկ Գասպարեանը, ամէն ինչ բնականոն պիտի ըլլայ, բայց այդպէս չէ, որովհետեւ բանակը վերահաստատեց իր կարծիքը, թէ Նիկոլ Փաշինեանը վտանգ կը ներկայացնէ ՀՀ անվտանգութեան: Այս մասին լրագրողներու հետ այսօրուան զրոյցին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:

«Օննիկ Գասպարեանը հանելու ամենավճռական քայլը ըրաւ ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանը, այլ՝ հանրապետութեան նախագահը, որովհետեւ իր իրաւասութեան տակ էր Գասպարեանի ազատման առաջարկը ուղարկել ՍԴ, սակայն չուղարկեց: Այսինքն՝ յետագայ գործողութիւններուն համար Սարգսեանը կը կրէ պատասխանատւութիւն: Ի դէպ՝ յստակ էր, որ ինքը առաջին անգամ յայտարարեց, որ առաջարկը չի համապատասխաներ Սահմանադրութեան, 3-4 օրուան մէջ Սահմանադրութիւնը չէր փոխուած, բայց նոյն բանը չյայտարարեց 2-րդ անգամ»,-նշեց ան՝ ընդգծելով, թէ ատիկա ցոյց կու տայ, որ ինչպէս ունինք մեր երկրի համար վնասակար վարչապետ, ունինք նաեւ այսպիսի նախագահ:

Իր կարծիքով՝ ՀՀ նախագահի վրայ ճնշումներ եղա՞ծ են հարցին ի պատասխան, Մանուկեան նշեց. «Կը կարծեմ՝ ճնշումներ եղած են, բայց եթէ երկրի նախագահը, ճնշումներուն ենթարկուելով, պէտք է որոշումներ ընդունի, որուն պէտք է այդպիսի նախագահ»։ Ան նաեւ նշեց, որ նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ ինք այնպէս տպաւորուած է, թէ Սարգսեանը առաջարկութը կ՝ուղարկէ ՍԴ:

«Շատ զարմացայ, որ չուղարկեց, բայց իրեն ճանչցողները ինծի կ՝ըէին՝ իզուր կը զարմանամ»,- աւելցուց ան: