Նախագահը ՍԴ Ուղարկած է «Զինուորական Ծառայութեան եւ Զինծառայողի Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի՝ Սահմանադրութեան Համապատասխանելու Հարցը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու առաջարկին վերաբերեալ Հանրապետութեան նախագահի որոշման մասին։

«Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր կը համարէ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու հարցին վերաբերեալ յառաջացած քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծումը: Այդ նպատակով հանդիպումներ եղած են վարչապետի, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանի եւ զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմի հետ: Ուսումնասիրուած են պաշտօնազրկելու մասին հրամանագրի նախագիծին առնչութեամբ Նախագահի առարկութիւնները չընդունելու վերաբերեալ վարչապետի հիմնաւորումները: Ակնյայտ է, որ ստեղծուած իրավիճակը արդիւնք է պատերազմական եւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանին քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու մէջ առկայ տարաձայնութիւններու՝ երբեմն խիստ անձնաւորուած մօտեցումներով: Չեն կրնար անտեսուիլ նաեւ հրամանագրի ստորագրման առարկելու համար հիմք հանդիսացած իրաւական առումով խնդրահարոյց մեկնաբանութիւնները, իրաւակիրառ փորձը, օրէնքի հնարաւոր բացը:

Հանրապետութեան նախագահը իր նախորդ յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծած է, որ խնդիրի շուտափոյթ եւ Սահմանադրութեան ծիրին մէջ կարգաւորումը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կայունութեան համար առաջնային կարեւորութիւն ունի եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է պետականութեան պահպանման, հասարակութեան յետագայ պառակտումը կանխելու, ժողովուրդին միասնութիւնը եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու, ստեղծուած անորոշ վիճակէն դուրս գալու եւ վերջնական հանգուցալուծման հասնելու համար:

Հանրապետութեան նախագահը որոշած է չստորագրել հրամանագրի նախագիծը:

Միաժամանակ, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով, Հանրապետութեան նախագահը առանձին դիմումով պիտի դիմէ սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. Նոյեմբեր 15-ի ՀՀ օրէնքի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:

Հանրապետութեան նախագահը, հաւատարիմ իր յանձնառութեան, պիտի շարունակէ իրավիճակի յետագայ կայունացման ուղղուած քայլերը եւ կոչ կ՝ընէ բոլորին՝ նախագահի հիմնարկը ծառայեցնելով իբրեւ հարթակ, բանակցելու առկայ բոլոր խնդիրներու համապարփակ լուծումը գտնելու նպատակով»,- ըսուած է նախագահի գրասենեակին տարածած յայտարարութեան մէջ։