
Բանակը Ապաքաղաքական Կառոյց է. ՀՀ ՊՆ Յայտարարութիւնը
ՀՀ ՊՆ-ն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշուած է.
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը լիարժեք կ՝իրականացնեն մեր Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւնն ու կ՝ապահովեն անվտանգութիւնը: Բանակը ապաքաղաքական կառոյց է, եւ անթոյլատրելի են զինուած ուժերը քաղաքական որեւէ գործընթացի մէջ ներգրաւելու բոլոր փորձերը: Իւրաքանչիւր նման փորձ կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութեան ու անվտանգութեան: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ըստ արժանւոյն պիտի արձագանգէ իւրաքանչիւր նման գործողութեան»։