Սրբոց Վարդանանց Տօնը Եւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը՝ Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, Փետրուար 11-ի առաւօտեան, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Շահինշահրի (Իրան) համանուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, իսկ Շաբաթ, Փետրուար 13-ի երեկոյեան, դարձեալ նոյն եկեղեցւոյ մէջ, հոգեպարար արարողութեամբ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը (Տրնդէզ)։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։
Վերոնշեալ կարգերը մատուցուեցան համայնքի ծխատէր արժ. Տ. Սահակ քհնյ. Մինասեանի միջոցով։ Ներկայ էին հաւատացեալ ժողովուդրը, իսկ երգեցողութեամբ հանդէս եկաւ «Նարեկ» երգչախումբը։
Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան ընցաքին կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգը, որմէ ետք՝ եկեղեցւոյ շրջափակիլն մէջ՝ համայնքի նորապսակ զոյգերու միջոցով վառեցաւ աւանդոյթ դարձած խարոյկը։
