Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագով Յիշատակուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմէն Ներս
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը կը յիշատակէ Բուն Բարեկենդանի նախորդող Երեքշաբթի օրը: Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ քահանայից դասուն մասնակցութեամբ: Ներկայ էին հաւատացեալներու բազմութիւն մը եւ դպրոցական աշակերտներ: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Պատարագի եւ եկեղեցական շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»էն։
Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով շարականի հետեւեալ բառերը. «Քեզի խաչակից ընտրեցիր քահանայական դասը», յայտնելով, որ հոգեւորականաց դասը կանչուած է Քրիստոսի խաչակիցը ըլլալու եւ Աւետարանի քարոզութեամբ Աստուծոյ ներկայութիւնը ամրապնդելու եւ Աստուծոյ շունչը տարածելու անցաւոր այս աշխարհին մէջ:
Սրբազան հայրը ընդգծեց, թէ հոգեւորականները հայ ժողովուրդի ողջ պատմութեան ընթացքին մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային արժէքները պահապելու համար պայքարեցան չար ուժերուն դէմ եւ հաւատարմօրէն զանոնք փոխանցեցին իրերայաջորդ սերունդներուն:

Սրբազան հայրը թափանցելով հայ ժողովուրդի պատմութեան խորքը, մեր ինքնութիւնը պահող երկու կարեւոր փուլեր մատնանշեց.
Առաջինը՝ Հայոց դարձը դէպի քրիստոնէութիւն: Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին հաստատուեցաւ հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու քարոզութեամբ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին շնորհիւ:
Երկրորդը՝ Հայերէն գիրերու գիւտը: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին եւ թարգմանիչ սերունդին շնորհիւ հայ ժողովուրդը սկսաւ աղօթել եւ Աստուածաշունչը ընթերցել հայերէն լեզուով: Սրբազան հայրը մատնանշելով 451-ին տեղի ունեցած Աւարայարի ճակատամարտին խորհուրդը, յայտնեց, թէ հոգեւորականները ձգելով իրենց վանքերը, հայոց բանակին կողքին պայքարեցան «վասն հաւատքի եւ վասն հայրենիքի»: Այսօր, Հայ եկեղեցին նոյն հաւատքով կը պայքարի Արցախի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ, դէմ դնելով օտար հոսանքներուն, որոնք կը վտանգեն մեր ինքնութիւնը:

Սրբ. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, հայցելով, որ շարունակեն մնալ Քրիստոսի սուրբ խաչը կրող հաւատարիմ ծառաները եւ սուրբ խաչով դէմ դնեն բոլոր հիւանդութիւններուն եւ չար ուժերուն: Մասիս եպիսկոպոս շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու եւ միաբաններու քահանայապետ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շնորհաւորեց նաեւ թեմի միաբանները եւ քահանայից դասը, մաղթելով աստուածահաճոյ նուիրեալ ծառայութիւն:

Այնուհետեւ, Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան քահանայից դասուն անունով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, մաղթելով քաջառողջութեամբ լեցուն հովուական բարեյաջող ծառայութիւն, ապա հաւատացեալներուն փոխանցեց տօնական օրերու եկեղեցական արարողութիւններուն ժամանակացոյցը:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Բերիոյ Հայոց Թեմի վախճանեալ հոգեւորականներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար:
