
Հայաստանի Դպրոցներ Կը Յաճախեն Առաւել Քան 7 Հազար Արցախցիներ
Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ներկայիս կրթութիւն կը ստանան առաւել քան 7 հազար արցախցի մանուկներ, թէեւ այս թիւը փոփոխական է:
Այս մասին կը յայտնէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեան՝ նշելով, որ այս փուլը այնպիսին է, երբ պարբերաբար ընտանիքները կը վերադառնան Արցախ:
«Մենք ի սկզբանէ խնդիր դրած էինք, որ երեխաներու փաստաթուղթերու առկայութիւնը խոչընդոտ չըլլայ անոնց դպրոց յաճախելուն: Ըսեմ, որ հետեւողականօրէն այս հարցը կը կարգաւորենք»,- յայտնեց Անդրէասեան:
Արցախցի մանուկները դասագիրքերով ապահովելու գծով ան յայտնեց, որ սկիզբէն համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ բոլոր պարագաներուն մէջ անոնք պէտք է ապահովուած ըլլան դասագիրքերով: Մնացեալ բոլոր հարցերը կը դասաւորուին մարզպետարաններուն հետ համագործակցելով: