
Գանատահայ 21-ամեայ Վազգէնը Հայաստան Ժամանած է՝ Արցախցի Քոյրերուն եւ Եղբայրներուն Նեցուկ Ըլլալու
Գանատահայ Վազգէն Գարագաշեան այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան։ Ան եկած է Հայաստան՝ Արցախի քոյրերուն ու եղբայրներուն աջակցելու, անոնց սատարելու եւ անոնց կողքին ըլլալու։ Մինչեւ Հայաստան ժամանելը՝ 21-ամեայ Վազգէնը Յունուար 15-էն դրամահաւաք կազմակերպած է՝ առցանց՝ յատուկ կայքէջի միջոցով / կայքի յղումը՝
Վազգէնի կազմակերպած դրամահաւաքին միջոցով արդէն իսկ հաւաքուած է $7000 գանատական տոլար․ ի դէպ, այդ գումարը ժամ առ ժամ կ՝աճի, քանի որ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք իրենց հնարաւորութեան չափով իրենց նիւթական ներդրում կ՝ունենան մեր հայրենակիցներուն օգնելու գործին։
«Երբ Արցախի մէջ պատերազմը սկսաւ, մէջս կրակ արթնցուց։ Այնուհետեւ ես կապուեցայ կնքահօրս՝ «Նարեկացի արուեստի միութեան» հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեանի հետ, եւ ան ինծի ըսաւ, որ «Նարեկացի արուեստի միութիւն»ը արցախցի ընտանիքներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագիր նախաձեռնած է։ Ան ըսաւ՝ օգնութեան, ապրանքներու կարիք կայ, անկէ ետք ես ըսի՝ կու գամ Հայաստան։ Կնքահայրս ինծի ըսաւ՝ դրամահաւաք կազմակերպէ, եւ Գանատայէն եղան մարդիկ, որոնք նեցուկ եղան մեզի։ Ես շատ շնորհակալ եմ այն մարդոց, որոնք միացան դրամահաւաքին։ Շատ շնորհակալ եմ նաեւ ընտանիքիս, որոնք եւս աջակցութիւն ցուցաբերեցին»,- «Հորիզոն»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին պատմած է Վազգէն Գարագաշեանը։
Ան Երեւան հասցնելէ ետք կամաւորական աշխատանքի անցած է «Նարեկացի արուեստի միութենէն» ներս, ուր ամէն օր կու գան բազմաթիւ արցախահայեր եւ կը ստանան օժանդակութիւն՝ տարբեր կենցաղային ապրանքներ, որոնք հիմա առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ կը համարուին՝ ելեկտրական տաքացուցիչներ, թէյնիկներ, սրբիչներ․․․
«Նարեկացի արուեստի միութիւնը արցախահայերուն օգնելու, սատարելու սրտաբուխ ծրագիրը մեկնարկած է դեռ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն՝ նկատելով, որ կան արցախցիներ, որոնք պատերազմի արհաւիրքէն մազապուրծ՝ կու գային Հայաստան եւ աջակցութեան կարիք ունէին։
Այս օրերուն արցախցիներու հոսքը «Նարեկացի արուեստի միութիւն» կը շարունակուի, իսկ Վազգէնը աշխատակիցները կ՝օգնէ դասաւորելու իրերը, զանոնք բաժնելու արցախցի քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ աջակցելու հնարաւոր բոլոր միջոցներով։
Վազգէն կ՝ընդգծէ՝ արցախցիներու հետ շփուելով ունեցած է այնպիսի զգացողութիւններ, որոնք, երեւի բառերով նկարագրել հնարաւոր չէ։ Յատկապէս արցախցի փոքրիկներու հետ շփումը ուժ կու տայ հայուն։
«Կան փոքրիկներ, որոնք պատերազմ տեսած են, այնպիսի բաներ տեսած են, որոնք բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել։ 10-12 տարեկան արցախցի երեխաներ կան, որոնք տեսած են պատերազմի ցաւը, բայց այստեղ են, դեռ կը ժպտան, կը վազվզեն, անոնք դեռ տոկուն են․․․ Ես այդ ամէնը տեսնելով՝ յուզուած էի։ Ես այսչափ տոկուն երեխաներ չեմ տեսած։ Ես հպարտ եմ, որ իրենց կողքին եմ։ Պէտք է շեշտեմ՝ ոչ միայն մենք իրենց օգտակար կը դառնանք, այլեւ իրենք՝ մեզի։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն ուժեղ ըլլալ»,- կ՝ըսէ Վազգէնը։
Ան Արցախը առաջին անգամ տեսած է 16 տարեկանին։ Կ՝երազէ, որ կրկին պիտի տեսնէ Արցախը այնպէս, ինչպէս տեսաւ առաջին անգամ։
«Կ՝երազեմ, որ օր մը կրկին պիտի տեսնեմ ազատ, անկախ ու անուշիկ Արցախս»,- կը նշէ Վազգէնը, որուն ձայնին մէջ միանգամայն կը վառին հայ մարդու՝ Արցախը ազատ տեսնելու՝ յոյսի ու փափագի լուսէ ելեւէջները։
ՅԱՍՄԻԿ ԲԱԼէԵԱՆ
(Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը)