
Կիպրոսի Հայ Համայնքին Դիմումով՝ Փաֆոսի Քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշա Փողոցը Վերանուանած Է Արդարութեան Փողոց
Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնեց Փաֆոսի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք, ընդառաջելով երկրի հայ համայնքի դիմումին, շատ արագ փոփոխութեան ենթարկած են քաղաքի Թալէաթ Փաշա փողոցի անուանումը` զայն վերանուանելով Տիկէոսինիս (Արդարութեան):
«Մեր յանձնախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, քննած էր փողոցի փոփոխութեան հարցը, իր 14 Յուլիս 2020-ի նիստի ընթացքին, ուր նուաստացուցիչ նկատած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է:
Աւելի՛ն, Կիպրոսի խորհրդարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը վաւերացուցած էր: Այս որոշումը իրաւական հարթակ փոխադրած էր թուրք ցեղասպանին մեծարման հանգամանքը:
Այսօր ուրախ ենք յայտարարելու, թէ մեր բոլորին բաղձանքը իրականացած է: Մեր շնորհակալութիւնները Փաֆոսի քաղաքապետ պրն. Ֆեթոն Ֆեթոնոսին, որ առանց որեւէ տատամսումի եւ երկմտանքի հաստատեց արդարութիւնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: