
Այսօր Սիւնիքի Մէջ Փաստուեցաւ՝ Հայը Չի Կրնար Համակերպուիլ Հայրենիքի Կորուստին Հետ. Իշխան Սաղաթելեան
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է․
Գորիսի քաղաքապետը ՔԿ կը գտնուի, Պարգեւ քահանայ Զէյնալեանի տան մէջ խուզարկութիւն կ՝իրականացուի։ Հոգեվարքի մէջ գտնուող վարչաձեւը կանգ չ՝առներ ոչինչի առջեւ՝ շարունակելով պղծել ամէն նուիրական բան, ջանալով ամէն գնով կոտրել հայրենիքի յանձման դէմ պայքարող տեսակը։
Պիտի չի՛ յաջողիս։ Ի տարբերութիւն քեզի՝ մարդիկ ունին արժանապատւութիւն։ Այսօր Սիւնիքի մէջ մեր հայրենակիցները մէկ անգամ եւս փաստեցին, որ հայը չի կրնար համակերպուիլ հայրենիքի կորուստին։
Հայ ժողովուրդը՝ հակառակ քու ազգադաւ ծրագիրին, պիտի ապրի ու արարէ իր հայրենիքին մէջ։ Մեր պայքարը ատոր համար է ու մենք պիտի չի նահանջենք։
Վաղը՝ Դեկտեմբեր 22-ին, ժամը 12։00-ին, կը հանդիպինք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։