Ամէն Ինչ Պիտի Ընեմ, որ Բարձունքները GPS-ով Թշնամիին Վաճառած Անձերը Յայտնուին Ցմահ Դատապարտեալի Կարգավիճակի Մէջ․ Փաստաբան

Հայաստան

Փաստաբան, Արցախեան երկրորդ պատերազմի մասնակից, N զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ Ամրամ Մակինեան Facebook-ի իր վրայ գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով Սիւնիքի բարձունքները թշնամիին յանձնելու որոշման։

«Այն անձերը, որոնք անյայտ ծագում ունեցող ազրպէյճանական GPS սարքերու միջոցով այսօր կ՝որոշեն հայ-ազրպէյճանական սահմանները՝ Կապանի եւ Գորիսի բարձունքները հապճէպ կերպով տալով թշնամիին, ենթարկուելու քրէական պատասխանատւութեան պետական դաւաճանութեան համար։

Ես՝ Ամրամ Մակինեանս, պիտի ընեմ ինձմէ կախուած ամէն ինչ, որ իմ եւ իմ մարտական ընկերներ զինուորիներու կողմէն պահուած բարձունքները GPS սարքերու միջոցով թշնամիին վաճառած եւ Սիւնիքի ողնաշարը կոտրած բոլոր անձերը յայտնուին քրէակակատարողական հիմնարկներու մէջ ցմահ դատապարտեալի կարգավիճակով»,- գրած է ան։