Չեմ Պատկերացներ Մեր Համայնքի Վրայ Բացի Մեր Եռագոյնէն Ուրիշ Դրօշ Տեսնել. Բերձորի ու Աղաւնոյի Բնակիչները Դուրս Պիտի Չելլեն Իրենց Տուներէն

Հայաստան

Լաչինի 5 քմ-անոց միջանցքին վրայ տեղաւորուող՝ Բերձոր ու Աղաւնօ համայնքներու բնակիչներուն Արցախի իշխանութիւնները վառելանիւթ կու տան եւ կը խրախուսեն տուներու կազմաքանդումը, բայց բնակիչներուն մեծ մասը՝ կանանցով ու երեխանելով, վճռական են, որ պիտի չի հեռանան իրենց բնակավայրէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԵՐԿԻՐ»-էն։

«Ես պաշտօնապէս ոչ մէկ ցուցմունք ստացած եմ պաշտօնական մարմիններէն, որ դուրս պէտք է ելլենք։ Ամէն պարագայի, եթէ նոյնիսկ ըսէին, դուրս պիտի չելլէինք։ Բայց քանի որ վառելանիւթ կու տան, որ տան բեռները բարձէ ժողովուրդը, թոյլ կու տան, որ տուները քանդեն, ուրեմն ներքին կարգով ըսած են՝ դուրս եկէք։ Ինծի չեն կրնար ըսել, որովհետեւ նախապէս գիտեն իմ կարծիքը։ Այսինքն, եթէ ներքին կարգով ծախած էք մեր հողը, չէք ըսեր, ուրեմն մենք ծախելու ապրանք չենք։ Մեր կանայք, երեխաները եւս այստեղ են, պիտի չի լքենք մեր տուները»,- ըսած է Լաչինի Աղաւնօ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանը։

ՀՅԴ անդամ Անդրանիկ Չաւուշեանի 5 երեխան՝ փոքրը չորս ամսական, բոլորն ալ անչափահաս, այս պահուն գիւղին մէջ են։ Անոր կինը, մայրը եւս վճռական են, որ պիտի չի լքեն բնակավայրը։

Ընդամէնը քանի մը ժամէն Քաշաթաղը պիտի յանձնեն ազրպէյճանցիներուն։ Բերձոր շրջկեդրոնն ու Աղաւնօ համայնքը կը տեղաւորուին այն 5 քմ-անոց միջանցքին մէջ, որ, ըստ եռակողմ յայտարարութեան, պէտք չէ յանձնուի Ազրպէյճանին եւ որ Հայաստանը կը կապէ Արցախի հետ։ Այս բնակավայրերը, սակայն, մնացած են տեղի բնակչութեան պաշտպանութեան յոյսին։

«Հայաստանը Արցախին կապող մայրուղին կ՝անցնի Բերձորի մէջէն, մեր գիւղը՝ Աղաւնոն, մայրուղիին շատ մօտիկ է՝ ընդամէնը 800 մ ալ չկայ, մինչդեռ 5 քմ-անոց միջանցք պահելու պարագային մայրուղիի երկու կողմերէն 2 ու կէս քմ պէտք է հսկուեր։ Եթէ ռուս խաղաղապահը իր գործը ընէ՝ պայմանագիր ստորագրած է պահպանելու, ուրեմն թող պահպանէ, ես ալ իմ կարգին կը պահպանեմ իմ սարերս, որ յարձակող չմտնէ»,- ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան։

Ան չի բացառեր, որ բնակավայրերը լքելու՝ ոչ պաշտօնական լուրերը թալանի նպատակ ունենան, որ իրենք դուրս գան գիւղէն ու թալանչիները մտնեն հարուստ բնակավայրերը։ Ամէն պարագայի, Աղաւնոյի գիւղապետը կ՝ըսէ, զանգած են Արցախի իշխանութիւններուն եւ անոնք ըսած են, որ Բերձորն ու Աղաւնոն կը մնան հայկական, այդ է իրենց համար կարեւորը։

«Ըսած են՝ կը մնան հայկական, իմ ականջին միայն ատիկա հաճելի է, որ կը մնայ հայկական։ Ուրիշ բան չեմ ալ ուզեր լսել։ Հիմա եթէ ուեէ մարդ կամ պետական մարմին ինծի կ՝ըսէ՝ դուրս եկուր, ինչի՞ հիման վրայ։ Չկրցա՞ք քաղաքականութիւնը այնպէս ընել, որ ես չլքեմ իմ տունը։ Արդէն ունինք կորսուած երկու տուն, չեմ պատրաստուիր երրորդը։ Տան մասին չէ խօսքը, այլ հայրենի հողի։ Ես այսքան ընկերներ ունիմ զոհուած, ես չեմ պատրաստուիր, թող ընտանիքս ալ զոհուի, ինչ կայ ատոր մէջ, յանուն հայրենիքի, խնդիր չկայ»,- ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան։

«Ոչ մէկը ինձմէ աւելի չմտածէ իմ երեխաներուն անվտանգութեան մասին, բայց ես կանգնած եմ։ Ինծի համար նոյնն է, չեմ յանձնուիր, թող գան մեր բոլորը խփեն։ Ինչպէս ըլլայ՝ պաշտպանուելու իրաւունք ունինք։ Ո՞ւր է միջազգային մարդկային իրաւունքը, ո՞ւր են»,- ըսած է Աղաւնոյի դաշնակցական գիւղապետը։

Արցախի պատգամաւորներէն մէկը, որ այսօր այցելած է Աղաւնօ, փորձած է բնակիչներուն ցուցմունքներ տալ, բայց բնակիչները ըսած են, որ իրենց համար կարեւոր է համայնքապետ Չաւուշեանի ըսածը։

«Ինծի համար ոչ մէկ բան փոխոած չէ, դրօշս կայ, չեմ պատկերացներ մեր համայնքի վրայ բացի մեր եռագոյնէն ուրիշ դրօշ տեսնել։ Ինծի համար հաճելի չէ, միակ ձեւը, որ կրնան մեզ հանել՝ սպաննելով, յետոյ գան մեր դիակները քաշելով տանիլ»,-վճռական է Անդրանիկ Չաւուշեան։