ՀՀ Նախագահը Աշխատանքային Այցով Կը Մեկնի Յորդանան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Նոյեմբեր 23-ին, կարճատեւ աշխատանքային այցով կը մեկնի Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հայաստանի նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր, Նորին Մեծութիւն Ապտալլահ Երկրորդ իպն Ալ Հուսէյնի հետ:

Կը նախատեսուի, որ Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը քննարկեն երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր։