
Առնուազն 100 Քոնկրեսականներ Արցախի Մէջ Ռումբերը Վնասազերծելու Համար Աջակցութիւն Կը Պահանջեն Ուաշինկթընէն
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առնուազն 100 քոնկրեսականներ կոչ ըրին Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ անյապաղ գումարներ տրամադրէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն թիրախ դարձող Արցախի մէջ ռումբերը վնասազերծելու եւ ականազերծման աշխատանքը ամբողջացնելու համար։
Դիմումը նախաձեռնութիւնն է քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիսի, Ճուտի Չուի, Ճիմ Քոսթայի, Թի․Ճէյ․ Քոքսի, Պիլ Ճանսընի, Ճան Քաթքոյի, Տեւըն Նունիէզի եւ Պրետ Շըրմընի։
Դիմումը եւ քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը տեսնելու համար այցելել http://asbarez.com/198228 կայքէջը։