Ազրպէյճանը Հրետակոծած է Մարտունին եւ Շուշին. Տուժածներուն Վերաբերեալ Տուեալները Կը Ճշտուին

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը ծանր հրետանի կիրառած է Մարտունի քաղաքին մէջ եւ ամենատարբեր զինատեսակներով հրետակոծուած է  Շուշին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։

«Կէս գիշերէն ետք Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ պահպանուած է յարաբերական հանգիստ իրավիճակը։ Լուսադէմին, թշնամին վերսկսած է խաղաղ բնակչութեան ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը։

Մասնաւորապէս, ծանր հրետանի կիրառուած է Մարտունի քաղաքին մէջ եւ ամենատարբեր զինատեսակներով հրետակոծուած է Շուշին։ Տուժածներու եւ աւերածութիւններու վերաբերեալ տուեալները կը ճշտուին»,- կը նշեն ԱԻ պետական ծառայութենէն։