
Չարլի Քէյեան Վարժարանը 25,223 Տոլար Նուիրեց Համահայկական Հիմնադրամին
Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մօտերը գտնուող Քլովիս քաղաքի Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանի աշակերտերուն, ծնողներուն եւ համայնքին միացեալ ջանքերով, Արցախի ի նպաստ դրամահաւաքին կարելի եղած է գոյացնել 25,223 տոլար գումար մը, որ 2 Նոյեմբերին յանձնուեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչին։