Ալեքսանտրուպոլսոյ եւ Քինուրիայի Բանաձեւերը Ի Նպաստ Արցախին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին գոր­ծող քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց զօ­րակ­ցա­կան բա­նա­ձե­ւե­րով կանգ­նիլ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ու հա­յոց բա­նա­կի կող­քին, որ ա­ւե­լի քան ա­միս մը խի­զա­խօ­րէն կը դի­մադ­րէ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրո­հը եւ կը պաշտ­պա­նէ Ար­ցա­խի պատ­մա­կան հո­ղը։ Ա­ռա­ւել եր­կու քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­ներ՝ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ եւ Ար­քա­տիա մար­զի ­Քի­նու­րիա­յի շրջան­նե­րը բա­նա­ձե­ւեր որ­դեգ­րե­ցիոն, ո­րով կը դա­տա­պար­տեն Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մը եւ կոչ կ­՚ուղ­ղեն մար­տե­րու ան­մի­ջա­կան դադ­րեց­ման հա­մար։

­«Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ նաեւ, ­Վու­լա-­Վա­րի-­Վու­լիաղ­մե­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ ըն­դու­նո­ւած բա­նա­ձե­ւին իբրեւ շա­րու­նա­կու­թիւն, քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը իր շէն­քին առ­ջեւ, յու­նա­կան դրօ­շի կող­քին, պար­զեց նաեւ հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նը, ի նշան զօ­րակ­ցու­թեան հայ ժո­ղո­վուր­դին։