Թշնամին Կրած է Մարդկային Ու Ռազմական Սարքերու Մեծ Կորուստներ. ՊԲ (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մէջ ՊԲ ուժերու եւ կամաւորականներու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք թշնամական ահաբեկչական խմբաւորումները, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները կրած են մարդկային ու ռազմական սարքերու մեծ կորուստներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը:

«Վերջին օրերուն տեղի ունեցած եւ առայսօր հարաւարեւելեան ճակատային գիծին վրայ (Շեխեր-Կարմիր Շուկա – Թաղավարդ բնագիծ) շարունակուող մարտական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ՊԲ ուժերն ու կամաւորականները հակառակորդին համար իսկական դժոխք կազմակերպած են մեր անտառներուն ու ձորերուն մէջ: Թշնամական ահաբեկչական խմբաւորումները, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները կրած են ու կը շարունակեն կրել մարդկային ու ռազմական սարքերու մեծ կորուստներ:

Թշնամական ուժերու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ, ներկայ դրութեամբ, կը շարունակուին լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: