Արցախի ՊԲ-ն Հարաւային Ուղղութեամբ Ետ Շպրտած Է Ազրպէյճանական Առաջխաղացման Փորձը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրքերը Նոյեմբեր 2 լոյս 3-ին պաշտպանողական մարտեր վարած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ: ՊԲ ստորաբաժանումները դիպուկ կրակով նշուած հատուածներուն վրայ խոցած են յայտնաբերուած ազրպէյճանական մարտասարքերը, կենդանի ուժը, ինչպէս նաեւ 1 հրասայլ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Արեւելեան ուղղութեամբ ճակատային գիծի փոքր հատուածին վրայ, մեկնելով մարտավարական նկատառումներէ, ՊԲ ուժերը ետ քաշուած են՝ զբաղցնելով յետագայ մարտական գործողութիւններուն համար առաւել նպաստաւոր բնագիծեր:

Առաւօտեան, հարաւային ուղղութեամբ, առաջխաղացման փորձ ձեռնարկող թշնամական սարքերուն եւ կենդանի ուժին ՊԲ-ն հասցուցած է դիպուկ կրակային խոցում՝ պատճառելով կորուստներ եւ ստիպելով ետ շպրտուիլ ելման դիրքեր: Բանակային ստորաբաժանումները լռեցուցած են նաեւ հիւսիսային ուղղութեամբ թշնամական ուժերուն նախայարձակ աշխուժութիւնը: Այս պահուն մարտավարական առաւելութիւնը իր կողմը թեքելու թշնամական ուժերուն փորձերը կը շարունակուին: ՊԲ-ն կը վերահսկէ մարտավարական գործնական իրադրութիւնը»,- կը նշեն ՊՆ-էն: