Ազրպէյճանաթրքական Ուժերը Հրթիռ Արձակած Են Ստեփանակերտի Մօր եւ Մանկան Առողջութեան Պահպանման Կեդրոնին Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Քիչ առաջ հրթիռակոծուեցաւ Ստեփանակերտը։ Նախնական տուեալներով կայ մէկ տուժած։ Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութիւնը։

Ազրպէյճանաթրքական ուժերը «Սմերչ» կայանքէ հրթիռ արձակած են Ստեփանակերտի մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին ուղղութեամբ։ Նախնական տուեալներով այստեղ տուժած է մէկ քաղաքացի, որ տեղափոխած են հիւանդանոց։

Թշնամին կրակ բացած է նաեւ բնակելի թաղամասի վրայ, այրած է կառատուն մը եւ մէկ ինքնաշարժ, զգալի վնասներ պատճառած նաեւ մօտակայքը գտնուող բնակելի տուներուն։

«Սմերչ»-ի 3 հրթիռ արձակուած է Շուշիի ուղղութեամբ։ Այստեղ այս պահուն կը հրդեհուի բնակելի 2 տուն։ Տեղւոյն վրայ կ՝աշխատին հրշէջ փրկարարները։ Տուժածներու մասին տուեալները կը ճշդուին։