
Ֆրանսայի Պուշ-տիւ-Ռոն Բաժանմունքի Խորհուրդը Արցախին Սատարող Բանաձեւ Ընդունած է
Ֆրանսայի Պուշ-տիւ-Ռոն բաժանմունքի խորհուրդը միաձայն ընդունած է Արցախին սատարող հռչակագիր, ուր կ՝ընդգծուի Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Պուշ-տիւ-Ռոն բաժանմունքի միջեւ պատմականօրէն հարուստ յարաբերութիւնները, մշակոյթի եւ համայնքային կառավարման ոլորտներուն մէջ ձեւաւորուած սերտ կապերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ Արցախի ժողովուրդին մէկուսացումը կը խոչընդոտէ անոնց հիմնարար իրաւունքներու իրականացման եւ կը հակասէ ազատութեան, հաւասարութեան ու համագործակցութեան ոգիին, որոնք անհրաժեշտ են տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար:
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ հաշուի առնելով հակամարտութեան կենսական վտանգը Արցախի բնակչութեան համար՝ Պուշ-տիւ-Ռոն բաժանմունքի խորհուրդը Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ՝ընէ ձեռնարկելու հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ ապահովելու բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ իրականացնելու բոլոր քայլերը, որոնք թոյլ պիտի տան նպաստելու անոր բնակիչներու անվտանգութեան:
Պուշ-տիւ-Ռոն բաժանմունքը նաեւ որոշում կայացուցած է մասնակցելու Արցախին մարդասիրական կարիքները հոգալու համար աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով՝ Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին միջոցով տրամադրելով 50,000 եւրոյի չափով մարդասիրական օգնութիւն։