
Ջալալ Յարութիւնեանին Կը Փոխարնէ Միքայէլ Արզումանեանը. Նախկին ՊՆ Վիրաւորուած է
Ջալալ Յարութիւնեանը Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը չի շարունակեր` մարտական դիրքի վրայ վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով։ Նոյն պաշտօնին նշանակուած է Միքայէլ Արզումանեանը։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
«Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 93-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ 94-րդ յօդուածի 3-րդ մասով՝ ստորագրած եմ հրամանագիր, համաձայն որուն` զօրավար-հրամանատար Ջալալ Անատոլիի Յարութիւնեանը չի շարունակեր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար – պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնը:
Իսկ այլ հրամանագիրով մը՝ զօրավար Միքայէլ Ալպերթի Արզումանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար՝ անոր շնորհելով զօրավար-հրամանատարի զինուորական կոչում:
Ջալալ Յարութիւնեանի ազատման որոշումը պահի հրամայական է՝ կապուած օրերս մարտական դիրքի վրայ անոր վիրաւորուած ըլլալուն հետ եւ անիկա տարամեկնաբանութիւններու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ:
Ապաքինում կը մաղթեմ Ջալալ Անատոլիին եւ համոզուած եմ, որ ան շատ շուտով կը վերադառնայ հայրենիքին ծառայութեան:
Վստահ եմ, որ Միքայէլ Արզումանեանը նոր պաշտօնին կը գիտակցի պատասխանատւութեան աստիճանը եւ ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի այդ վստահութիւնը արդարացնէ»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեան: