
ՀՀ Սահմանապահ Ուժերը Դիմած են Կանխարգելիչ Գործողութիւններու` Հակառակորդին Պատճառելով Զգալի Վնասներ
ՀՀ հարաւային ուղղութեամբ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները կանխելու նպատակով ՀՀ սահմանապահ ուժերը դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու՝ հակառակորդին պատճառելով զգալի վնասներ եւ կորուստներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
Հակառակորդը, ըստ Ստեփանեանի, սահմանի տուեալ հատուածին վրայ ԱԹՍ-ներ կ՝օգտագործէ: