
Ազրպէյճանը Հարուածած է Հայաստան-Իրան Սահմանի Հայկական Սահմանապահ Ուղեկալի Դիրքերը
Հոկտեմբեր 27-ի առաւօտեան` ժամը 10։00-ի մօտ, ազրպէյճանական կողմը անօդաչուներով (որոնցմէ մէկը ինկած է ՀՀ տարածք) եւ հրթիռահրետանային միջոցներով հրետակոծած է ՀՀ հարաւային սահմանի Իրանի հետ հատման կէտի հայկական սահմանապահ ուղեկալի դիրքերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Արձանագրելով հրադադարի հերթական խախտումը եւ ՀՀ պետական սահմանի հրետակոծութիւնը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխան հարուածներ հասցնել ազրպէյճանական ուժերու ուղղութեամբ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: