Հրթիռակոծութեան Հետեւանքով Աւետարանոց Գիւղին Մէջ Զոհուած է 1 եւ Վիրաւորուած է 2 Քաղաքացի. ԱՀ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը տեղեկութիւն ստացած է, որ ազրպէյճանական կողմը՝ խախտելով Հոկտեմբեր 26-ին հաստատուած հրադադարի մասին համաձայնութիւնը՝ շարունակած է հրթիռակոծել Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական բնակավայրերը։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ ՄԻՊ գրասենեակը:

Օրուան ընթացքին տեւական հրթիռակոծութեան ենթարկուած են շարք մը բնակավայրեր, ինչպէս՝ Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղը, ուր մէկ ժամ առաջ «Սմերչ» համազարկային կրակի համակարգի հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է քաղաքացիական մէկ անձ՝ Գէորգ Համբարձումեանը, վիրաւորուած է քաղաքացիական երկու անձ՝ Հենրիխ Ադամեանը եւ Անտրէյ Համբարձումեանը: