
Ես Կ՛աղօթեմ Ձեզի Համար Այս դժուարին Պահուն. Մել Կիպսըն (տեսանիւթ)
Աշխարհահռչակ դերասան, բեմադրիչ, արտադրող Մել Կիպսըն իր տեսաուղերձին մէջ ըսած է, որ շատ տխրած է, տեղեկանալով հայկական Արցախին մէջ վերջին օրերուն հակամարտութեան բռնկումին մասին: Ան նշած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ հայ ընկերներ, որոնք կը խօսին իրենց տառապանքներուն եւ սիրելիներու կորուստին մասին:
«Ես մեծ յարգանքով կը վերաբերիմ հայ ժողովուրդին: Անոնք շատ հաստատակամ եւ առատաձեռն են եւ ստիպուած են դիմագրաւելու հսկայական դժուարութիւններ, բայց այս մարդոց կարողութիւնները, ինչպէս դուք եւ ես գիտենք, անվերջ են: Ես կ՛աղօթեմ ձեզի համար այս դժուարին ժամանակներուն մէջ: Եւ ես նաեւ կ՛աղօթեմ, որ խաղաղ լուծում գտնուի, ու մեծ տէրութիւնները միջամտեն եւ ճանչնան առկայ իրավիճակը: Յուսով եմ` խաղաղութեան կու գաք»,- ըսած է ան` հայերուն մաղթելով ամուր մնալ, շարունակել կատարել իրենց գործը` մաղթելով Աստուծոյ օրհնութիւնը: