
Ոչ-Պաշտօնական Տուեալներով, Ազրպէյճան Ունի Շուրջ 10 Հազար Սպաննուած
Ազրպէյճանի բանակը, այս պահուն, ոչ-պաշտօնական աղբիւրներու տուեալներով՝ ունի շուրջ 10 հազար սպաննուած եւ շատ աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ազրպէյճանցի օգտատէրեր կը փորձեն տեղեկութիւններ գտնել սպաննուածներուն վերաբերեալ, որոնց անունները կը թաքցնէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
«Հակառակ այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պետական մակարդակով փակած են Արցախեան պատերազմի ընթացքին իրենց կորուստներու մասին տուեալները, սպաննուածներու թիւը այնքան մեծ է, որ պայքարիլ այդ տեղեկատուութեան դէմ, այլեւս անհնար կը դառնայ: Համացանցին մէջ տարբեր հարթակներ կը բացուին, ուր անհատ օգտատէրերը կը փորձեն տեղեկատւութիւն հայթայթել այդ կորուստներու մասին ու հրապարակայնացնել զանոնք: Ոչ-պաշտօնական աղբիւրներու մէջ կը նշուի, որ ազրպէյճանական բանակը այս պահուն կրնայ մինչեւ 10 հազար սպաննուած ունենալ, իսկ վիրաւորներուն քանակը շատ աւելի մեծ է»,- կը նշուի պաշտպանութեան նախարարութեան տեսանիւթին մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ նման հարթակներու առկայութիւնը եւ անոնց արագ տարածումը ազրպէյճանցի օգտատէրերու շրջանակին մէջ՝ կը վկայէ, որ ազրպէյճանական հանրութեան մօտ մեծ դժգոհութիւն կայ բանակին ահռելի կորուստներուն եւ անոնց վերաբերող տեղեկատուութիւնը պահելուն գծով:
«Յատկանշական է, որ զոհուածներու ոչ-պաշտօնական լուսանկարներու շարքին մէջ կը յայտնուին անոնք, որոնք օրեր առաջ տեսանիւթեր կը հրապարակէին՝ իբր գրաւուած տարածքներէն իրենց ողջոյնը կ՛ուղարկէին Ազրպէյճանի միապետին»,- կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի փորձեր մարտադաշտէն դուրս բերել իր սպաննուածներուն մարմինները, ինչ որ անոնց մեծ թիւը, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ թուրք զինուորներու եւ սուրիացի ահաբեկիչներու առկայութիւնը թաքցնելու լաւագոյն միջոցն է: