Նոր Հարաւային Ուէյլս Նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը Ճանչցած է Արցախի Անկախութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգներէն մէկուն` Նոր Հարաւային Ուէյլսի Օրէնսդիր ժողովը 61 կողմ ձայնով պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: 

Խորհրդարանականները դատապարտած են նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարձակումները Արցախի բնիկ հայերուն դէմ: