Միջազգային Հանրութեան Այլ Ընտրութիւն Չի Մնար, Քան Ճանչնալ Արցախի Անկախութիւնը. ԱՄՆ Ծերակուտական

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ ծերակոյտի անդամ Էտուըրտ Մարքէյ կոչ ըրած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ծերակուտականը ԼՂ հարցի կարգաւորման վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:

Էտուըրտ Մարքէյ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին կոչ ըրած է անյապաղ հրադադրի հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ձգտելու ԼՂ հակամարտութեան բանակցային ճանապարհով լուծման:

Ան յիշեցուցած է, որ Հոկտեմբեր 23-ին Փոմփէօ առանձին-առանձին պիտի հանդիպի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Մարքին նկատել կու տայ նաեւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկու համանխագահող երկիրներու` նախ Ռուսիոյ, ապա  Ֆրանսայի մարդասիրական զինադադարի առաջարկները առաջին իսկ վայրկեանէն խախտուած են: Մարտերը խլած են հարիւրաւոր քաղաքացիական անձերու կեանքեր: Ան շեշտած է նաեւ, որ Թուրքիան հայ ժողովուրդի դէմ կռուելու համար բերած է նաեւ սուրիացի վարձկաններ:

«Ազրպէյճանի պատերազմական գործողութիւնները, որոնց ամբողջութեամբ կ՛աջակցի Թուրքիան, պէտք է դադրին: Փոմփէօ պէտք է հասկցնէ, որ ԱՄՆ-ն կ՛աջակցի այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստ է նպաստելու բանակցութիւններուն:  Յաջող զինադադարի եւ խաղաղութեան հասնելու համար այլ կողմերը, ինչպէս Թուրքիան է, պէտք է դադրեցնեն իրենց պատերազմական գործողութիւնները եւ ռազմական միջամտութիւնը: ԱՄՆ-ն պէտք է անմիջապէս հասնի շփման գիծի վրայ հրադադարի եւ շտապ վերադարձնէ բանակցութիւններու` Մինսկի խումբի համանախագներու միջնորդութեամբ: Քանի որ Ազրպէյճան կը շարունակէ հակամարտութիւնը ապօրինի ռազմական ուժի միջոցով լուծելու իր փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան անցնիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման` կառուցողական բանակցութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ»,- ըսած է ծերակուտականը։

Ան նաեւ նշած է, որ Փոմփէոն պէտք է հասկցնէ, որ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ բաժինը ամբողջութեամբ պիտի կիրառուի, եւ այդպիսով ԱՄՆ-ն պիտի դադրեցնէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ աջակցութիւն տալ Ազրպէյճանին: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի դեռ աւելին, Փոմփէոն եւ ԱՄՆ նախագահ Թրամփը, որոնք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ սերտ կապեր հասատատած են, պէտք է հասկցնեն իրենց բռնատէր ընկերոջը, որ այս հակամարտութեան մէջ յետագայ ներգրաւումը Թուրքիոյ համար պիտի արժէ ռազմական օգնութեան եւ ջերմ յարաբերութիւններու դադրեցում: