
ՌԴ-ն Կ՝ակնկալէ Կողմերու Հետ Շփումներով Ապահովել ԼՂ Գօտիին Վրայ Հրադադարի Համաձայնութեան Կատարումը
Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարած է Հոկտեմբեր 10-ին եռակողմ ձեւաչափով ձեռք բերուած համաձայնութեան կատարումը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարին վերաբերեալ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրով նկատած է՝ մարդասիրական նպատակով հրադադարի համաձայնութիւնը լիարժէք չի պահպանուիր, ԼՂ հակամարտութեան գօտիին վրայ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին:
«ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ անցեալ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրուան մէկ մասը մենք անցուցած ենք միասին այս շէնքին մէջ՝ մեր ազրպէյճանցի գործընկերոջ հետ, ձեռք բերուած է կարեւոր համաձայնութիւն: Մենք կը տեսնենք, որ այդ համաձայնութիւնը լիարժէք չի պահպանուիր, եւ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Մենք կ՝ակնկալենք, որ շփումները, ե՛ւ ձեր հետ, ե՛ւ Ազրպէյճանի հետ, ներառեալ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջոցով, թոյլ պիտի տան ապահովել եռակողմ ձեւաչափով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումը»,- ընդգծած է Լաւրով: