Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Աջակցութիւն Յայտնած է Հայերուն

Հայաստան

Լոս Անճելըսի մէջ Հոկտեմբեր 11-ին տեղի ունեցած հայերու բազմամարդ բողոքի ցոյցէն ետք, որուն մասնակիցները երթով շարժած էին Թուրքիոյ հիւպատոսարան` թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող կոչերով, քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է` իր աջակցութիւնը յայտնելով հայերուն:

«Մենք կանգնած ենք Հայաստանի եւ Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին կողքին: Մենք կ՛ողջունենք հրադադարը, եւ այն պէտք է յարգուի: Հարկաւոր է, որ մեր իշխանութիւնները քայլեր ձեռնարկեն եւ օգնեն խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ: Թուրքիան դուրս պիտի գայ»: