Արցախեան Առաջին Պատերազմի Մասնակիցները Կը Ներգրաւենք Պայքարին Մէջ. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ Արցախեան պատերազմի մասնակիցները պիտի ներգրաւուին պայքարին մէջ եւ այդ ուղղութեամբ աշխարհազօրի հետ աշխոյժ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան։

 Ան իր ֆէյպուքեան էջին վրայ գրած է․

«Յարգելի ՛ հայրենակիցներ,

Իրավիճակը կը շարունակէ օրհասական մնալ։

«Բոլորս մէկ մարդու պէս ոտքի պիտի կանգնինք: Զոհասեղանին Հայրենիքի փրկութեան հարցն է: Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակիցները կը ներգրաւենք պայքարի մէջ: Երախտապարտ եմ մեր ժողովուրդին՝ ցուցաբերած պատրաստակամութեան եւ համախմբուած կերպով հող հայրենին պաշտպանելու համար»: