Քարտաշեան Իր Աստղային Ուժը Կ՛օգտագործէ Արցախի Հարցին Մէջ. The Hill

Սփիւռք

 Համացանցի աշխարհահռչակ աստղ Քիմ Քարտաշեան իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանին աջակցի՝ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին մէջ, կը գրէ The Hill թերթը:

Թերթը կը նշէ, որ Քիմը իր ընկերային ցանցերուն միլիոնաւոր հետեւորդներուն կոչեր կ՛ընէ՝ պահանջելու Քոնկրեսէն, որ դատապարտէ Պաքուն՝ իբրեւ պատերազմը հրահրողի եւ Թուրքիոյ՝ հակամարտութեան միջամտելուն համար:

Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ Քարտաշեան Ուեսթ, որ կապեր ունի Թրամփի փեսային՝ Ճերըտ Քուշների հետ, կրնայ մղել վարչակազմը՝ աւելի աշխոյժ եւ յստակ դիրքորոշում ստանձնելու համար: The Hill-ը նաեւ կը նշէ, որ Քարտաշեանի ջանքերը կը խթանէ «Խոստումը» ֆիլմը արտադրողներէն Էրիք Իսրայէլեան:

Իսրայէլեան ըսաւ, որ իր ընկերները՝ օրինակ՝ Քիմ Քարտաշեան եւ անոր ընտանիքը, Շերը, Սերժ Թանգեան, Ալեքսիս Օհանեան, ունին աւելի մեծ հարթակ, քան ինք: «Բայց ես կրնամ բոլորը ի մի բերել եւ ինծի համար պատիւ է, որ բոլորը կը հետաքրքրուին եւ կը հարցնեն, թէ ինչ կրնան ընել», ըսաւ Իսրայէլեան: