
ՊԲ-ի Փայլուն Ռազմագործողութեամբ Ոչ Միայն Դիրք Ազատագրուեցաւ, Այլ Հնարաւոր Դարձաւ Փրկել 19 Զինծառայողներու Կեանք. Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը փայլուն գործողութեամբ ազատագրած է կորսնցուցած դիրքերէն մէկը, ինչպէս նաեւ փրկած օրեր առաջ թշնամիին դիմագրաւած եւ, նահանջելու փոխարէն, մօտակայ անտառին մէջ թաքնուած 19 հայ զինուորներուն կեանքը` սպասելով մեր զօրքի հակայարձակման իրականացման:
«Ի դէպ, այդ գործողութեան արդիւնքով, թշնամին ունեցած է զինամթերքի մեծ կորուստներ, իսկ մարտադաշտին մէջ ձգելով աւելի քան հարիւր զոհ՝ արագ նահանջած է: Փա՛ռք մեր բանակին: Փա՛ռք Աստծոյ զօրութեան»,- գրած է նախագահ Յարութիւնեան: