
Յանցաւոր Եռակողմ Դաշինքին Ռազմական Աջակցութիւն Ցուցաբերող Երկիրները Իրենց Բաժին Պատասխանատւութիւնը Կը Կրեն Մարդկութեան Դէմ Շարունակուող Յանցագործութեան Համար. ԱՀ ԱԳՆ
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը
Չդադրեցնելով ռազմական նպատակներուն հասնելու անյաջող փորձերն ու կրելով կենդանի ուժի եւ զինամթերքի լուրջ կորուստներ՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը՝ Թուրքիոյ անմիջական վերահսկողութեան եւ կառավարման ներքոյ, սրընթաց աճող անմիջականութեամբ կը շարունակեն յարձակումները Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ: Ստեփանակերտը, Շուշին, Մարտակերտը, Մարտունին, Հադրութը եւ հանրապետութեան այլ բնակավայրեր կը գտնուին հրթիռա-ռմբային զանգուածային յարձակումներու տակ:
Խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական կէտերու վրայ անդադար յարձակումները ոչ մէկ կասկած կը ձգեն, որ Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալներու աջակցութեամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակողական պատերազմի իրական նպատակը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ոչնչացումն է՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանության քաղաքականութեան շարունակութիւն:
Կ՝ընդգծենք, որ յանցաւոր եռակողմ դաշինքին ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերող երկիրները, մասնաւորապէս՝ անոնք, որոնք յարձակողական զէնք եւ զինամթերք կը տրամադրեն, որոնցմով կը թիրախաւորուին խաղաղ բնակչութիւնն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, անկասկած իրենց բաժին պատասխանատւութիւնը կը կրեն մարդկութեան դէմ շարունակուող յանցագործութեան համար: Մասնաւորապէս՝ աղաղակող փաստ է, որ զէնքի մատակարարումը կ՝իրականացուի ընդլայնուող ռազմական յարձակման պայմաններու տակ, երբ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհը կը դատապարտէ ուժի կիրառումը եւ կոչ կ՝ընէ անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները:
Կոչ կ՝ընենք համապատասխան երկիրներու կառավարութիւններուն դադրեցնելու վտարեալ պետութիւններու եւ միջազգային ահաբեկչութեան կողմէ Արցախի դէմ իրականացուող յարձակման սնուցումը, դադրեցնելու զէնքի մատակարարումը յանցաւոր եռակողմ դաշինքին, ինչպէս նաեւ չտրամադրելու իրենց տարածքն ու օդային տարածութիւնը՝ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ռազմական մատակարարումներ իրականացնելու համար:
Մէկ անգամ եւս կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որ թոյլ պիտի տայ վերացնելու Արցախի ժողովուրդի գլուխին կախուած վտանգը, վերջ տալու Արցախի դէմ անմարդկային յարձակման եւ վերականգնելու երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ: