Երեւանը Իսրայէլին Յորդորած է Զէնք Չմատակարարել Ազրպէյճանին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իսրայէլի նախագահ Ռիւուեն Ռիւլինին յորդորած է օգտագործել ազդեցութիւնը իր երկրի կառավարութեան վրայ` անյապաղ դադրեցնելու զէնքի մատակարարումները Ազրպէյճանին:

Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուող զէնք-զինամթերքը ոչ միայն պաշտպանական նպատակներով կ՛օգտագործուի, ինչպէս նախապէս կը հաւաստիացնէր իսրայէլական կողմը, այլեւ` յարձակողական:

«Այդ զինատեսակները լայնօրէն կը կիրառուին հայկական բնակավայրերը հրետակոծելու նպատակով եւ քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ` յանգեցնելով մարդկային բազմաթիւ զոհեր ու հսկայական աւերածութիւններ», – ըսած է նախագահ Սարգսեան:

 Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ զէնքի մատակարարումը լրջօրէն կրնայ վտանգել հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները:

 Ռիւուեն Ռիւլին պատրաստակամութիւն յայտնած է կառավարութեան հետ ամենայն ուշադրութեամբ ուսումնասիրել հայկական կողմի բարձրացուցած հարցերը: