Ազրպէյճան Վերսկսած է Յարձակողական Գործողութիւնները Արցախեան Ճակատի Հարաւային Ուղղութեամբ

Հայաստան

Ազրպէյճան վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները արցախեան ճակատի հարաւային ուղղութեամբ:

Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:

«Հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները արցախեան ճակատի հարաւային ուղղութեամբ: Կ՛ընթանան թէժ մարտեր: ՊԲ ստորաբաժանումները արժանի հակահարուած կը հասցնեն թշնամական ուժերուն»,- կը նշէ Ստեփանեան:

Ստեփանակերտը եւս հրթիռային հարուածներու տակ է: Խաղաղ բնակչութիւնը նոյնիսկ հնարաւորութիւն չունի լսելու տագնապի ազդանշանը` հրթիռներու սաստկութեան պայմաններուն մէջ: