Ցոյց Զուիցերիոյ Մայրաքաղաքին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր Զուիցերիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող հայութիւնը հաւաքուեցաւ մայրաքաղաք Պեռնի խորհրդարանին մօտ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ ցոյցի կազմակերպչական աշխատանքներու մասնակից Շահէ Շահինեան։

Բողոքի ցոյցին նպատակն է իշխանութեան եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականցուող նախայարձակումներուն եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ ծանր զէնքեր կիրառելու անմարդկային քայլին։

Տեղի հայ երիտասարդներն ու միութիւնները երկու օրէ ի վեր դեղորայք, նիւթական եւ այլ օգնութիւն կը հաւաքեն Արցախ ուղարկելու համար։

Հայմայնքի երիտասարդներու խօսքով՝ եթէ այսօր նիւթական օգնութեամբ կ’աջակցին, վաղը պատրաստ են անձամբ պատերազմի մասնակցելու եւ պայքարելու յանուն հայրենի հողին։