Ստեփանակերտը Ենթարկուած է Հրթիռային Յարձակման

Հայաստան

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուած է հրթիռային յարձակման:

Ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Արմենփրես»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները կրկին ենթարկուած են ազրպէյճանական զինուժի յարձակման: Լսուած է առնուազն երեք պայթիւն:

Մանրամասնութիւնները կը ճշդուին։