ՊՆ-ն Կը Հերքէ ՀՀ-էն «Տոչկա-Ու»-ով Ազրպէյճանը Հրթիռակոծելու Մասին Ազրպէյճանական Ապատեղեկատւութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի պաշտօնական շրջանակներու այն յայտարարութիւնները, թէ, իբր, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն «Տոչկա-Ու» մարտավարական հրթիռային համալիրէն կը  թիրախաւորէ եւ կը հրթիռակոծէ Ազրպէյճանի տարածքը, ակնյայտ կեղծիք է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ արդէն քանի մը օր է Ազրպէյճանի կողմէ ԱԹՍ-ներով եւ տարբեր տրամաչափի հրետանային միջոցներով կը թիրախաւորուին Վարդենիս քաղաքի շրջակայ բնակավայրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Ազրպէյճանի ուղղութեամբ ԴԵՌԵՒՍ որեւէ հրթիռ չէ արձակուած: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ազրպէյճանական կողմին խստօրէն կը յորդորէ ձեռնպահ մնալ նման սադրանքներէն եւ ՀՀ զինուած ուժերը չդրդել իրական հրթիռային հակահարուածներու իր բոլոր հետեւանքներով»,- գրած է Ստեփանեան: