
Հայկական Զինուժը Կը Խոցէ Ազրպէյճանական Ուղղաթիռը (տեսանիւթ)
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած է տեսանիւթ, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս է հայկական զինուժը կը խոցէ հակառակորդին ուղղաթիռը:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր
27-ին Ազրպէյճանի զինուժը լայնածաւալ յարձակում սկսաւ Արցախի վրայ` թիրախի տակ պահելով
նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը:
Մինչ այժմ Արցախի զինուժը խոցած է հակառակորդի 11 ուղղաթիռ, 5 օդանաւ (4-ը Սու–25),
101 անօդաչու թռչող սարք, 184 միաւոր զրահամեքենայ, հիմնականօրէն հրասայլեր, 82 փոխադրամիջոց,
10 զրահափոխադրիչ, մէկ «ՏՕՍ-1ա» ծանր հրանետային համակարգ, 2 «Սմերչ» եւ 1 «Ուրագան»
տեսակի համազարկային կրակի ռէակտիւ կայանքներ: Հակառակորդը ունի աւելի քան 1280 զոհ,
որոնցմէ 180–ը Քարվաճառի ուղղութեամբ, աւելի քան 2700 վիրաւոր:
Հայկական կողմէն, նախնական տուեալներով, կայ 154 նահատակ։ Կան վիրաւորներ, որոնց թիւը կը ճշդուի։ Թեթեւ վիրաւորուած զինուորները կը ստանան առաջին բուժօգնութիւն եւ ապաքինուելով կը վերադառնան շարքեր:
Ազրպէյճանի զինուած
ուժերը թիրախի տակ կը պահեն նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական եւ
քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, որուն հետեւանքով Գեղարքունիքի մէջ զոհուած է 2
քաղաքացի, Արցախի մէջ` 11:
Ազրպէյճանի հրետակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած են ինչպէս արտասահմանեան, այնպէս
ալ տեղական լրատուամիջոցներու լրագրողներ:
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Սեպտեմբեր 27-ին յայտարարուած է ռազմական դրութիւն: