Համազգային Աղօթք՝ Հոկտեմբեր 3-ին

Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Հոկտեմբեր 3-ին, ժամը 18։00-ին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու բոլոր վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի զօրակցութեան համազգային աղօթք յանուն Արցախի եւ հայրենեաց պաշտպաններու։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հրաւիրէ բոլոր հայորդիները՝ իրենց առանձնական աղօթքով միանալու համազգային զօրակցութեան արարողութեան»,- ըսուած է Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան մէջ։