Հակառակորդի Սպաննուած Սպային Մօտ Յայտնաբերուած է Իսրայէլական Ռատիոկայան. Անոնք Ղեկավարուած են Արաբերէնով

Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ խոցուած սպային մօտ յայտնաբերուած է իսրայէլական արտադրութեան «Թատիրան» մակնիշի ռատիոկայան, մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան:

«Հակառակորդի խոցուած սպային մօտ յայտնաբերուած է իսրայէլական արտադրութեան «Թատիրան» մակնիշի ռատիոկայան: Ատոր վերծանութեան արդիւնքով պարզ դարձած է, որ նշուած ուղղութիւններով խմբաւորումները կը ղեկավարուին հիմնականօրէն արաբական լեզուով»,- նշած է Սարգսեան: