
«Արցախի Հերոս»-ի Կոչում՝ «Եղնիկներ»-ու Առասպելական Հրամանատար Կարէն Ջալաւեանին
Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կէտին մէջ, երէկ կէս գիշերին, «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացաւ մեր առասպելական հրամանատարներէն Կարէն Ջալաւեանը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
«Ատիկա ըսած եմ յատուկ արարողակարգով՝ ռատիոկապով ուղերձ յղելով ճակատի տարբեր հատուածներու վրայ գտնուող մեր զինուորականներուն:
Այդ որոշումը կայացուցած եմ՝ հաշուի առնելով անձամբ իր եւ իր գլխաւորած ստորաբաժանումներուն ցուցաբերած սխրանքները եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին ներդրած կարեւոր աւանդը:
Կեցցէ՛ հայոց բանակը: Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը, որ հերոս զաւակներ կը ծնի»: