Արայիկ Յարութիւնեանի Գխաւորութեամբ Տեղի Ունեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Արտահերթ Ընդլայնուած Նիստ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Հոկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ ընդլայնուած նիստ, կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։

Երկրին ղեկավարը նշեց, որ պատերազմական իրավիճակի մէջ եւ ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ պետական կառավարման ոլորտին մէջ պէտք է գործադրել բոլոր միջոցները բարձր արդիւնաւէտութիւն ապահովելու համար:

«Հանրային մակարդակի վրայ իւրաքանչիւր խնդիր պէտք է արագ լուծում ստանայ: Յատկապէս պարէնամթերքի մատակարարումը թէ՛ առաջնագիծ, թէ՛ թիկունք, պէտք է նուազագոյն հարցեր յառաջանան»,- ըսած է նախագահը` յանձնարարելով բանալ «թէժ գիծ» (+374 97 55 55 90):

Խորհրդակցութեան ժամանակ առանձին ընթացակարգով քննարկուած են նաեւ ստեղծուած իրավիճակի մէջ հնարաւոր խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղուած արագ արձագանգման մեքանիզմները: