Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարը Կ՝ահազանգէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ճգնաժամի Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը, Հոկտեմբեր 1-ին, յայտարարութիւն տարածած է՝ ահազանգելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին մասին: 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուած բախումը կը սրուի՝ յանգեցնելով քաղաքացիական զոհերու թիւի աճին: Ես կը սգամ բազմաթիւ մարդոց, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներու մահը, որոնք զոհ կը դառնան ռազմական գործողութիւններուն: Ոչ մէկ քաղաքական նկատառում կրնայ արդարացնել այդ կանանց, տղամարդոց եւ երեխաներու սարսափն ու տառապանքը: Ես կը խնդրեմ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ անյապաղ իրականացնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշած միջանկեալ քայլերը: Բանակցութիւններու սեղանի շուրջ պէտք է գտնել խաղաղ լուծում ` մարդասիրական ծանր ճգնաժամը կանխելու համար»:

Գլխաւոր քարտուղարը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն: