Ազրպէյճանը Արցախի Մէջ Խաղաղ Բնակչութիւնը Կը Հրետակոծէ. Հադրութը Արկերու Տակ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը Արցախի մէջ վերսկսած է հրետակոծել խաղաղ բնակչութիւնը: Այս մասին կը  տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Ազրպէյճանցիները դարձեալ կը զարնեն խաղաղ բնակչութեան։ Հադրութին հարուածեցին հրետանիով»,- կը նշէ Յովհաննիսեան։

Վնասներու մասին առայժմ ոչինչ կը հաղորդուի: